ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ
Գալֆաեան Տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որով տօնախմբուեցաւ Ապրիլի 23-ը։ Երէկ, Մանկանց տօնին առթիւ դպրոցէն ներս կազմակերպուած խրախճանքը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։
Գալֆաեան Տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որով տօնախմբուեցաւ Ապրիլի 23-ը։ Երէկ, Մանկանց տօնին առթիւ դպրոցէն ներս կազմակերպուած խրախճանքը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հիմնադրութեան յիսնամեակը:
«Հօրս տունը» փաստավաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուեցաւ մեկնարկային ձեռնարկը:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վրժ.ի աւարտական դասարանի սաները ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան մէջ:
Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի մականին ներքեւ դպրոցը կ՚արձանագրէ նորանոր նուաճումներ:
Էսաեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ երէկ այցելեցին Շիշլիի գերեզմանատունը, ուղեկցութեամբ իրենց հայերէնի ուսուցչուհիին՝ Արմաւենի Միրօղլուի։ Ծանօթ է, որ Շիշլիի գերեզմանատունը բացօթեայ թանգարանի մը մթնոլորտը ունի, թէ՛ այնտեղ ամփոփուած տիրական դէմքերու մեծ վաստակին եւ թէ ընդհանուր մթնոլորտի խնամքին տեսանկիւնէն։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, որոնց միացած էին նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեան։ Պէյօղլուի թաղականները Գումգաբու փութացին Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ։
Գոհուանակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պէյօղլուի Ասողիկ Դպրաց Դաս-երգչախումբէն կարգ մը դպիրներ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելեն Լեհաստան։ Երաժշտագէտ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի սաները մասնակցութիւն պիտի բերեն հոգեւոր երաժշտութեան փառատօնի մը։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մասնագիտական բանախօսութիւն մը, որու նիւթն էր մինչեւ վեց տարեկան մանուկներու հարցերու պարագային ծնողներուն վիճակած պատասխանատուութիւնը։ «Մտային հոգեբանական խորհրդակցութեան կեդրոն»էն երկու հոգեբաններ՝ Էննա Էօքքէ եւ Սերհան Էքին այս առթիւ հանդէս եկան բացատրութիւններով։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Օրուան նիւթն էր Ս. Գրիգոր Նարեկացին, որ անցեալ տարի Վատիկանի կողմէ հռչակուեցաւ «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ»։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Մեր համայնքի մեծագոյն բարենպատակ հաստատութեան համալիրէն ներս անոնք ունեցան վառ տպաւորութիւններ։
Էսաեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմակերպուեցաւ անգլերէնով ստեղծագործելու ուղղեալ միջվարժարանային փառատօն մը։ Հետաքրքրական այս ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ երեք հանգրուանով։