ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ արարողութիւններուն:
Կէտիկփաշայի մէջ երէկ խանդավառ օր մը ապրուեցաւ՝ Ամանորի ընդառաջ բարեմաղթանքներու փոխանակումով: Թաղային խորհուրդի ատենապատ Յարութիւն Շանլը եւ իր ընկերները հետեւողական աշխատանք կը տանին կալուածներու արդիւնաւէտ արժեւորման ուղղութեամբ:
Կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծննդեան առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը՝ շնորհաւորելու համար Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը։ Իրեն կ՚ընկերանային Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։