ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՔԷՐՄԷՍ
Գարակէօզեան Տան Ամանորի աւանդական քէրմէսը շաբաթավերջին առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Երկար տարիներէ ի վեր ձեւաւորուած նախընթացներու հիման վրայ այս քէրմէսը հանդիսացաւ բազմաթիւ թաղերէ ժամանած համակիրներու ժամադրավայրը։
Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդը տարեվերջի առթիւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կազմակերպեց ընթրիք մը, որ աւանդական դարձած է վերջին տարիներուն։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութեան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարակից կառուցուած եւ շաբաթավերջին բացումը կատարուած «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» նոր սրահը մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուցած է Հայ կաթողիկէ հասարակութեան մօտ։ Այս սրահը կառուցուած է Ֆաթիհի քաղաքապետութեան աջակցութեամբ։