ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐ՝ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տէմիրի եւ իր ընկերներուն կողմէ շնորհակալութեան կարեւոր այցելութիւն մը:
Քատիր Թոփպաշ կրկնեց իր պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու համար մեր համայնքի եկեղեցիներու, վարժարաններու եւ գերեզմանատուներու խնդիրներու լուծման ջանքերուն:
Պոլսահայ երաժշտական կեանքէն երկու համակրելի դէմքեր՝ մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան եւ երգեհոնահար Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու վերջերս այցելեցին Հայաստան։ «Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ անոնց ուղեւորութիւնը։
Մէրամէթճեան վարժարանի տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը որոնումներու մէջ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր մարզական աշխարհի յայտնի եւ արդէն անմոռանալի անուններէն Սարգիս Չալըշ, որ անցեալի մէջ եղած էր Թաքսիմ մարզակումբի դարպասապահներէն մին։ Իր յուղարկաւորութիւնը այսօր տեղի կ՚ունենայ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։