ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՈՒՂԻՂ ԹՌԻՉՔՆԵՐՈՒ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ աշխատանքներ կը կատարուին՝ Երեւանի եւ Լոս Անճելըսի միջեւ ուղիղ թռիչքներու հաստատման համար։ Այսպէս, մօտ ապագային, հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր զարգացումներ կ՚ակնկալուին. «Ամերիկայի Ձայն»ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին այսպէս յայտնած է հայ գոնկրէսական Ճեքի Սփիր:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեսակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ:
Bloomberg գործակալութիւնը հրապարակեց յօդուած մը, որու մէջ ընդգծուած է, որ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կեդրոնացած է արագ փոփոխութիւններ արձանագրելու վրայ։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը թարգմանաբար արձագանգ հանդիսացաւ այդ յօդուածին, ըստ որու բովանդակութեան Կարէն Կարապետեան Հայաստանի մէջ լուրջ փոփոխութիւններու կարիքը կը տեսնէ եւ անոր կողմէ գլխաւորուած կառավարութիւնը կ՚առաջարկէ ամենաարագ փոփոխութիւնները։
Եւրոխորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) «Եւրոպական պահպանողականներ» խումբի ղեկավար Եան Լիտըլ-Կրէյնճէր երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։
Հայաստանի մէջ քննարկման առարկայ է արեւմտահայերէնի դպրոցներէ ներս ուսուցման խնդիրը:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Դաւիթ եւ Նաթալի Գազանճեան ամոլը։ Հարկ է նշել, որ Սուրիոյ ներքին պատերազմէն խոյս տալով Հայաստան փոխադրուած են Գազանճեանները, որոնց երկու որդիները ծառայութեան կոչուած են Հայկական զինեալ ուժերուն մօտ։ Սուրիահայ այս ընտանիքի զաւակներուն հայոց բանակէն ներս ծառայութեան անցնիլը վերջին օրերուն ստեղծած է լայն արձագանգ։