ՀԱԼԷՊԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆՐԲԱՆՑՔ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ Հալէպի վերաբերեալ իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ դառնալ։ Երկրի ղեկավար Պեշար Էսատի ենթակայ բանակը արդէն ամբողջութեամբ ձեռք անցուցած է քաղաքին հակակշիռը։
Երէկ, Երեւանէն հասաւ տխուր լուր մը։ Այսպէս, իր մահկանացուն կնքեց Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեան։ Միջոցէ մը ի վեր Արմէն Երիցեան կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ։
Ռուսաստանի աշխարհահռչակ «Էրմիթաժ» պետական թանգարանի ընդհանուր տնօրէն Միխայիլ Փիոթրովսքի երէկ այցելեց Երեւան, ուր հիւրընկալւեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հրաւէրով տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին «Էրմիթաժ»ի ընդհանուր տնօրէնին ընկերացաւ իր որդին՝ Պորիս Փիոթրովսքի։
VADİP-ի 2016 թուականի վերջին ժողովին ընթացքին համայնքային շրջանակները ողջունեցին Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան տարածքի արժեւորման նոր հեռանկարները:
Հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը ստանձնեց ԶԻՊԷՉ-ի պատասխանատուութիւնը:
Թուրքիա շաբաթավերջին խոր սուգի մատնուեցաւ Իսթանպուլի մէջ պատահած իրերայաջորդ երկու պայթումներու ծանր հետեւանքներով:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանին ձօնուած հանդիսութիւններու շարքը շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ծանօթ է, որ Կազդուրման կայանի գործունէութեան կէս դարը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած էր համայնքային կեանքէն ներս եւ այդ փուլը արժեւորուեցաւ պատշաճ ձեւով՝ հաստատութեան գործունէութեան առանձնայատկութիւններու մատնանշումով։
Բանկալթիի Nostalji գրախանութ-սրճարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Adı Başka Acı Başka» անուն գրքին շնորհանդէսը։ Այս գործին հեղինակն է Իպրահիմ Տիզման։
Նալպանտեան եւ Մամէտեարով Համպուրկի մէջ տեսակցեցան՝ միջնորդներուն մասնակցութեամբ: