Լրահոս

Լոնտոնի Մէջ Բացօթեայ Փառատօն

Լոն­տո­նի Ս. Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ, Յու­լի­սի 17-ին, տե­ղի ու­նե­ցած է հայ­կա­կան բա­ցօ­թեայ փա­ռա­տօն: Մշա­կու­թա­յին տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­ներ ընդգր­կող այս ձեռ­նար­կը հա­մա­հայ­կա­կան ա­մե­նա­մեծ ի­րա­դարձւ­թիւնն է Միա­ցեալ Թա­գա­ւո­րու­թեան մէջ, ո­րուն մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ժա­մա­նած են հա­յեր երկ­րի տար­բեր վայ­րե­րէ:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւններուն միջեւ քննարկումներ տեղի կ՚ունենան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Էրտողան-Օպամա կարեւոր հեռախօսազրոյց։
Ամբողջ երկրին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի այսօրուան ժողովին վրայ։ Պետական մարմիններէն ներս հարցաքննութիւնը կը ծաւալի լուրջ թափով։ Իշխանութեան եւ ընդդիմութեան ճամբարներէն միշտ կը հասնին ներդաշնակ պատգամներ։ Մեծ քաղաքներու գլխաւոր հրապարակներուն վրայ ժողովուրդը կը շարունակէ հանդէս գալ ի պաշտպանութիւն ժողովրդավարութեան։

ՌԱԶՄԱՕԴԱՅԻՆ ՈՒԺԵՐԸ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵՑԻՆ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը ե­րէկ գի­շե­րուան ժա­մե­րուն ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ։ Ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը Հաք­րու­քի շրջա­նէն ներս ռմբա­կո­ծե­ցին ՓՔՔ­-ի թի­րախ­նե­րը։

ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԿԷՈՐԿԻ ՔՎԻՐԻՔԱՇՎԻԼԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կէոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լի ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Պէշ­թէ­փէի պա­լա­տէն ներս ան տե­սակ­ցե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հետ։

Հրայր Թերզեանի Անուան Փողոց՝ Իտալիոյ Վերոնա Քաղաքին Մէջ

Ի­տա­լիոյ Վե­րո­նա քա­ղա­քին մէջ, Յու­լի­սի 16-ին, կա­յա­ցաւ քա­ղա­քի փո­ղո­ցնե­րէն մէ­կուն ա­նուա­նա­կո­չման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: Փո­ղո­ցը կո­չուե­ցաւ ջղա­յին հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու մաս­նա­գէտ, Վե­րո­նա­յի հա­մալ­սա­րա­նի ա­ռա­ջին վե­րա­տե­սուչ Հրայր Թեր­զեա­նի ա­նու­նով:

Հալէպի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Հայկական Ռատիոյին

Հա­լէ­պա­հա­յու­թիւ­նը մեծ ցնծու­թիւն ապ­րե­ցաւ՝ ներ­կայ գտնուե­լով Սու­րիոյ հայ­կա­կան ա­ռա­ջին ռա­տիօ­կա­յա­նի, 2011 թուա­կա­նէն ի վեր գոր­ծող եւ իր ձայ­նը հա­մայն աշ­խար­հին հասց­նող, ՌԱ­ՏԻՕ Ե­ՐԱ­Զ­-ի կեդ­րո­նի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան։

ՊԻՏԻ ՍՊԱՆՆՈՒԷԻ…

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հարցազրոյց մը տուաւ CNN International հեռուստակայանին։
Յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ կը շարունակուի լայնածաւալ հարցաքննութիւնը: Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ պատգամներ կը փոխանակուին Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի յանձնման խնդրին շուրջ։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ ժողովուրդը զգուշացուց փողոցներու մէջ խափանարարութիւններու հաւանականութեան դէմ։

Էջեր