ՑՆՑԻՉ ՄԱՀԱՓՈՐՁ
Անգարայի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Անտրէյ Քարլով երէկ երեկոյեան զոհ գնաց ահաբեկչական յարձակման:
Էրտողան եւ Փութին ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին համակարծիք գտնուեցան, թէ այս դէպքը խափանարարութիւն մըն է երկու երկիրներու համագործակցութեան դէմ: Հետաքննութիւնը յառաջ պիտի տարուի միասնաբար: Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու Մոսկուայի մէջ:
Հայաստանի եւ Վրաստանի իրաւապահ մարմիններու կապերու ամրապնդման ուղղեալ նոր հռչակագիր:
Երեւան եւ Թեհրան կը ձգտին զարգացնել իրենց համագործակցութիւնը:
Հռոմի Ֆրանսիսքոս Սրբազան Պապին կողմէ մարդկային վեհ սկզբունքներուն դրսեւորումը եղող նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, ան իր 80-ամեակը նշած է ութ անտուններու հետ՝ զանոնք ընդունելով Վատիկանի Սրբուհի Մարթայի տան մէջ, ուր Պապը կը բնակի:
Կը տեղեկացնենք, որ մեր Լիբանանի պաշտօնակից՝ «Ազդակ»ի էջերուն մէջ սննդագիտական-առողջապահական նիւթերով բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ Քարլա Եարտըմեան-Հաժ ստացած է սննդագիտութեան տոքթորական աստիճան՝ Անգլիոյ Օքսֆորտ Պրուքս համալսարանէն: Քարլա իր ուսումնասիրութեամբ հետազօտած է սնունդի անապահովութեան ազդեցութիւնը Լիբանանի դպրոցական երախաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն վրայ («Studies on Child Food Insecurity in Lebanon»):
Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը եւ խումբ մը մարզիկներ շաբաթավերջին Տոլմապահչէի մէջ Նահատակներու բլուրին վրայ ծաղիկներով մատոյց իր յարգանքի տուրքը ու միացաւ բողոքի ալիքին: