ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՍՏԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ Տ. ՊԱՐԷՏ Ծ. ՎՐԴ. ԵՐԷՑԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ
Ինչպէս հաղորդած էինք, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան ներկայիս կ՚այցելէ Լոս Անճելըս, ուր յայտարարութիւններ ալ ըրած է մամուլին։ Այս նիւթին վերաբերեալ մեր վերջին հաղորդումներուն զուգահեռ՝ ելեկտրոնիկ փոստով խմբագրութեանս հասաւ հետեւեալ գրութիւնը, որ ստորագրուած է Նահապետ Մելքոնեանի կողմէ։ Ստորեւ այդ նամակը կը հրատարակենք՝ ցոլացնելու համար Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի Լոս Անճելըս կատարած այցելութեան ամբողջական մթնոլորտը։ Հակուած չենք լրիւ բաժնելու նամակի հեղինակին կողմէ օգտագործուած որակումներն ու ածականները, որոնց պատասխանատուութիւնը կը վիճակի անոր։ Ուրեմն այս մտադրութեամբ տեղ կու տանք Մելքոնեանի նամակին։
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Թուրքիա եւ Ռուսաստան ունին թէ՛ ներուժ եւ թէ կամք՝ իրենց համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով առաւել եւս զարգացնելու համար:
ՄԱԿ-ի մօտ ԱՄՆ-ի մշտական ներկայացուցիչին ուշագրաւ յայտարարութիւնները:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսընի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պրիւքսէլի մէջ, ուր անոնք կը գտնուէին մասնակցելու համար ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորեց ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակը: