ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՏՈՒՊԱՅԻԻ ԵՒ ՇԱՐԺԱՅԻ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շարունակեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Ապու Տապիի շփումներէն վերջ ան երէկ ուղեւորութեան ծրագիրը շարունակեց Տուպայիի մէջ։ Սերժ Սարգսեան հիւրընկալուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Փոխ-նախագահ, Վարչապետ ու Տուպայիի կառավարիչ Շէյխ Մուհամմէտ Պին Ռաշիտ Էլ Մաքթումի կողմէ։
Հայաստանի ճօճուող յուշասիւնը, որ յայտնի է նաեւ Գաւազան անուամբ, միջնադարեան ճարտարապետական եզակի կառոյց մըն է: Ան կառուցուած է 904 թուականին Տաթեւի վանական համալիրի բակին մէջ:
Նոյեմբերի 16-19 թուականներուն «Արցախեան օրեր 2016»ի ծիրէն ներս Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած են զանազան ձեռնարկներ:
Աշխարհահռչակ System Of A Down ռաք խումբը կ՚աշխատի նոր ալպոմի մը վրայ: Այդ մասին յայտարարած է խումբի թմբկահար Ճոն Տոլմայեան: Ըստ անոր, արդէն պատրաստ է 15 երգ: «Մենք արդէն վեց ամիսէ ի վեր կ՚աշխատինք ալպոմի ստեղծման վրայ եւ արդէն պատրաստ է շուրջ 15 երգ, որոնք, մեր կարծիքով, արժանի են տեղ գտնելու ալպոմին մէջ», ըսած է թմբկահարը:
Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 78-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։
ԱՄՆ-ի ընտրութիւններուն արդիւնքը կը բնորոշէ համայն աշխարհի օրակարգը:
Հենրիխ Մխիթարեան յանձնառու ոգիով հանդէս կու գայ ԻՒՆԻՍԷՖ-ի ծրագրերուն շրջագծով:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Ապու Տապիի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ՝ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ձեռնարկած պաշտօնական այցելութեան շրջագծով։ Ան տեսակցեցաւ Ապու Տապիի Էմիրութեան թագաժառանգ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ Շէյխ Մուհամմէտ Պին Զայիտ Էլ Նահեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։