ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ
Իսթանպուլի մէջ երէկ պատահեցաւ պայթում մը, ինչ որ պատճառ դարձաւ խոր մտահոգութեան։ Այսպէս, Ենիպոսնայի մէջ, «75-րդ տարի» ոստիկանական կեդրոնին եւ յարակից զինուորական համալիրի մօտակայքին կատարուեցաւ յարձակում մը ռումբի պայթեցմամբ։ Դէպքին հետեւանքով տասն հոգի վիրաւորուեցաւ։ Վիրաւորեալներուն վեցը արդէն դարմանուած են, իսկ մնացեալ չորսի կացութիւնը յարաբերաբար աւելի ծանր է։
Հայաստանի նոր կառավարութիւնը երէկ իր անդրանիկ ժողովը գումարեց՝ ամբողջական կազմով:
Փոխ-վարչապետը երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու աշխարհական ղեկավարները, Ատնան Էրթէմի մասնակցութեամբ:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, «Հայ դերասաններու միութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը՝ Հոկտեմբերի
1-8 թուականներուն միջեւ կը կազմակերպէ «Հայֆեստ» միջազգային 14-րդ թատերական փառատօնը, որ կը կրէ «Իրականացուր երազանքդ «Հայֆեստ»ի հետ» խորագիրը:
Փառատօնի հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբերի
1-ին, Ստանիսլավսկիի անուան ռուսական տրամաթիքական թատրոնին մէջ, Թաշքենթի «Իլխոմ» տրամաթիքական թատրոնի «Եօթ լուսին» ներկայացումով:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը կը տօնէ իր հիմնադրութեան 60-րդ տարեդարձը Փարիզի Cité Universitaire-ի հայկական եւ փորթուգալական ուսանողական տուներուն մէջ բացուած զուգահեռ ցուցահանդէսներով, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ 2017 թուականի Յունուարի 3-ը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երիտասարդ ձեռներէցներէն Արէտ Սիլահլը Պէյօղլուի մէջ բացած է նոր ճաշարան մը։ Արէտ Սիլահլը անուն մըն է, որու համբաւը հետզհետէ կը տարածուի կապելա-ճաշարանի աշխարհէն ներս։ Իր արձանագրած վերելքը անշուշտ ուղիղ համեմատութեան մէջ է իր մատուցած ծառայութեան որակով: