ՊԱԼԱՔԵԱՆ ՍՏԱՑԱՒ ՄՐՑԱՆԱԿԸ
Ամերիկահայ բանաստեղծ Փիթըր Պալաքեան, որ այս տարի «Փուլիցըր»ի մրցանակին արժանացաւ բանաստեղծութեան անունակարգին մէջ, արդէն ստացաւ իր պարգեւը։ «Օզոնային օրացոյց» բանաստեղծական ժողովածոյով այս մրցանակին արժանի դասուեցաւ Փիթըր Պալաքեան, որ դարձաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենահին եւ հեղինակաւոր գրական-լրագրական մրցանակի դափնեկիրը։
Երեւանի մօտ Ֆրանսայի նախկին դեսպան Անրի Քիւնի վերջերս հրատարակեց գիրք մը, որ լոյս տեսած է «Սիժեստ» հրատարակչութենէն։ «Հայաստան. ժողովուրդի մը ոգին» խորագրեալ այս գիրքին համար վերջերս Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ շնորհանդէս մը։
Արտակարգ դրութեան շրջագծով 5 Հոկտեմբեր 2016 թուականին պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուեցաւ կանոնագրութիւն մը, որու հիման վրայ արգելք կը դրուի՝ որպէսզի պաշտօնական ծանուցումներն ու գովազդները հրատարակուին բացառապէս թրքերէնով հրատարակութիւններու մէջ եւ լոյս չտեսնեն ոչ-թրքերէն որեւէ հրատարակութեան մէջ։
Ֆրանսահայ լրագրող Էլէն Պեքմեզեան նշանակուեցաւ «Լը Մոնտ» աշխարհահռչակ օրաթերթի փոխ-խմբագրապետուհի։ Ան այս պաշտօնին կոչուած է՝ հինգ տարի շարունակ «Լը Մոնտ»ի անունով խոր-հըրդարանական իրադարձութիւններուն հետեւելէ վերջ։
Սուրիոյ դժոխքէն խոյս տալով Գալուստեաններու ընտանիքը երէկ հասաւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը՝ գերադասելով անվտանգութիւնը:
ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ արհեստավարժներուն առաջին գագաթաժողովը՝ համաեւրոպական մակարդակով: