ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ՆԻՍՏԸ
Չաղլայանի մէջ Իսթանպուլի Արդարադատութեան պալատէն ներս երէկ շարունակուեցաւ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած մահափորձին վերաբերեալ հերթական դատավարութիւնը։ 35 մեղադրեալով այս գործի 15-րդ դատական նիստին ցուցմունքներով հանդէս եկաւ Անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութեան լրաքաղութեան բաժանմունքի վարիչ Էնկին Տինչ։
Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ եւ Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանի վերատեսուչ Ժան-Մարք Լաւեստ վերջերս հանդիպում մը ունեցան վերոյիշեալ համալսարանի աւելի քան երկու հարիւր շրջանաւարտներուն հետ։
23-րդ Համաշխարհային ուժանիւթի խորհրդաժողովը տեղի կ՚ունենայ Իսթանպուլի մէջ՝ հնգօրեայ ծրագրով:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ։
Հայոց քաղաքամայրին ձօնուած տօնակատարութիւններ՝ բացառիկ հրճուանքով:
Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան կեդրոնատեղիին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի, կատարուեցաւ միութեան կազմակերպած ամառնային դասընթացքի եզրափակիչ հանդիսութիւնը:
«Խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներով Հայաստանէն՝ Սուրիոյ եղբայրական ժողովուրդին»:
Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակը այս տարի շնորհուեցաւ Քոլոմպիայի Նախագահ Խուան Մանուէլ Սանթոսին։ Այս վերջինը FARC կազմակերպութեան հետ յիսուներկու տարի շարունակուած պատերազմին վերջ դնելով՝ ստորագրած է խաղաղութեան համաձայնագիր, ինչ որ բարձր գնահատանքի արժանացած է ու առիթ հանդիսացած՝ որպէսզի ան արժանանայ այս մրցանակին։