ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ ՃԱԲՈՆՑԻ ԳԻՏՆԱԿԱՆԻՆ
Ճաբոնէն յայտնի գիտնական Եոշինորի Օհսումի նուաճեց 2016 թուականի Նոպէլեան բժշկութեան մրցանակը։ 71-ամեայ գիտնականը նպաստած է՝ որպէսզի քաղցկեղի եւ փարքինսոնի նման հիւանդութիւնները ըմբռնուին աւելի լաւ։
Սրբազան Քահանայապետը հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեանց կողմէ:
Հալէպի երէկուան դէպքերուն ընթացքին հայաբնակ թաղամասեր ենթարկուեցան սաստիկ յարձակումներու:
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը այս շաբաթավերջին կը գտնուի Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ծանօթ է, որ ան ամրան սկիզբին այցելած էր Հայաստան եւ տակաւին այդ շրջանին յայտարարուած էր նաեւ իր ներկայ ուղեւորութեան մասին՝ դէպի Վրաստան եւ Ատրպէյճան։
Ըստ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարին, առաջնորդները պատրաստ չեն հիմնախնդրի կարգաւորման:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը՝ առաջին փոխ-վարչապետ ու ներքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Պին Նաիֆ Պին Ապտիւլազիզ Էլ Սուուտը։