ԼԻԶՊՈՆԻ ՄԷՋ ՃԱՄԲԱՐ
Սեփական լրատուութիւն.-
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնին նախաձեռնութիւնը:
Հայկական Wikipedia մը ստեղծելու ուղղեալ աշխատանքին կը մասնակցին նաեւ պոլսահայ երիտասարդներ:
Սեփական լրատուութիւն.-
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնին նախաձեռնութիւնը:
Հայկական Wikipedia մը ստեղծելու ուղղեալ աշխատանքին կը մասնակցին նաեւ պոլսահայ երիտասարդներ:
Տիարպաքըրի եւ Պինկէօլի մէջ երէկ նահատակուեցան վեց զինուորներ։ Տիարպաքըրի Լիճէ գաւառակէն ներս, Ապալը-Թափանթեփէ շրջաններու միջեւ պաշտօնավարող ոստիկան զօրաց վրայ երէկ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան ահաբեկիչները յարձակում մը գործեցին հրթիռներով եւ հեռահար հրացաններով։
Ուքրայնոյ Նախագահ Փեթրօ Փորոշենքօ յայտարարեց, որ Ռուսաստանի իշխանութիւնները կը փափաքին գրաւել իր երկիրը։
Այսօր երեկոյեան, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ՝ Երեւանի Պետական համալսարանի երդիքին տակ կը սկսի «Հայկական աշխարհը համացանցի մէջ» գիտաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ համալսարանի կեդրոնական շէնքին Գիտական խորհուրդի նիստերու դահլիճին մէջ։
Դասական դրամագիտական խմբակին (CNG) նախաձեռնութեամբ, հայկական հնաւանդ դրամներու նուիրուած անգլերէն հատոր մը՝ «Armenian Coinage in the Classical Period» անունով, լոյս տեսած է հեղինակութեամբ գալիֆորնիացի դրամագէտ Ֆրենք Լ. Քովաքսի։
Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Թուրք զինեալ ուժերը լայնածաւալ գործողութիւններու ձեռնարկեցին՝ Սուրիոյ սահմանամերձ Ճերապլուս քաղաքէն ներս մաքրագործելու համար «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման տարրերը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն այսօր շփումներ կ՚ունենայ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն քառասուն օր վերջ Ճօ Պայտըն կ՚այցելէ Թուրքիա։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսի երբեմնի մայր տաճարի եւ յարակից կաթողիկոսական համալիրի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման առաջադրութեամբ Անթիլիասի կողմէ բացուած դատին ճակատագիրը կը մնայ անստոյգ։
ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրը Կանաչ կլիմայական հիմնադրամին կողմէ ստացած է 20 միլիոն տոլարի դրամաշնորհ՝ ամբողջ Հայաստանի տարածքով ուժանիւթի արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու, ծախսերը, ինչպէս նաեւ ածխածինի երկօքսիտի արտանետումը նուազեցնելու համար:
Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ աւարտեցան 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը: Մարաքանա մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ողիմպիական խաղերու փակման պաշտօնական հանդիսութիւնը: Փակման այս հանդիսութեան գրեթէ ամբողջութեամբ տեղի ունեցաւ անձրեւին տակ: