ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՃԱՏՐԱԿ
Հայ-ազէրի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը յառաջ կը տարուին՝ Անգարա-Մոսկուա-Պաքու եռակողմանի դրութիւն մը ստեղծելու որոնումներու մթնոլորտին մէջ:
Վլատիմիր Փութին. «Հայաստան եւ Ատրպէյճան իսկապէս կը փափաքին գտնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին լուծումը»: Ռուսաստան կ՚ենթադրէ հաշտութեան եզր մը՝ առանց պարտուողներու կամ յաղթողներու:
Սերժ Սարգսեան. «Հարցը անկարելի է լուծել՝ յղում կատարելով հետեւանքներուն, այլ ոչ թէ պատճառներու վերացման։ Շատ կարեւոր է ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն իրականացումը»:
Ֆրեզնոյի, Միացեալ Նահանգներ, Հայկական թանգարանին նախաձեռնութեամբ, Սեպտեմբեր 2-Դեկտեմբեր 16 թուականներու միջեւ տեղի պիտի ունենայ Արցախի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած իւրայատուկ ցուցահանդէս մը՝ «Արցախի Ոգին» խորագրեալ։
Սեն Փեթերսպուրկի մէջ երէկ տեղի ունեցած Էրտողան-Փութին տեսակցութեան արդիւնքը կը համարուի գերազանց:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կը տեսակցի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Քրեմլինի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երկու նախագահները քննարկումներ կը կատարեն քաղաքական, առեւտրատնտեսական եւ մարդասիրական բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան հարցերուն շուրջ։
Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի ուշագրաւ յայտարարութիւնները՝ «Արեւելք» կայքէջին:
Ատրպէյճան կը պատրաստուի նոր ռազմաօդանաւեր գնել Ռուսաստանէն: