ՎԱՂԸ ԿԸ Կայանայ «Վարդավառ» Միջազգային Փառատօնը
Վաղը, Գառնիի պատմական-մշակութային արգելոց-թանգարանին եւ Գեղարդի վանական համալիրին մէջ, հոգեւորին ու ազգայինին միաձուլմամբ, պիտի կայանայ «Վարդավառ» միջազգային փառատօնը:
Արցախեան գինիի երրորդ փառատօնը այս տարի պիտի կայանայ 17 Սեպտեմբերին, Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ: Մամլոյ հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի Տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրներու պատասխանատու Արտակ Գրիգորեան՝ աւելցնելով, որ փառատօնի ծրագիրը մշակման փուլի մէջ է եւ յառաջիկային պիտի ներկայացուի հանրութեան:
Սոչիի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Սա իր տեսակին մէջ 34-րդ նիստն է, որ կազմակերպուած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի տանտիրութեամբ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ ֆրանսահայ անմոռանալի շարժանկարի բեմադրիչ հանգուցեալ Անրի Վերնէօյի որդւոյն՝ Փաթրիք Մալաքեանի եւ «Նարեկ» պարային դպրոցի գեղարուեստական ղեկավար Արման Չուլհակեանի կողմէ կազմակերպուած «Յաւերժութիւն» պարի ներկայացումը։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Օփերայի համալիրէն ներս։
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարին բազմակողմանի շփումները՝ Երեւանի մէջ:
Յունիս 24-ին, 85 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Հրանդ Սամուէլի որդին՝ Արմէն Սամուէլեան, որու անունը սերտօրէն առընչուած պիտի մնայ Փարիզի հայ մտաւորական կեանքի պատմութեան: