ՌԻՈՅԻ ՄԷՋ ԿԸ ՍԿՍԻՆ 31-ՐԴ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐԸ
Պրազիլիոյ Ռիօ քաղաքին մէջ այսօր կը սկսին ողիմպիականները։ 31-րդ ամրան ողիմպիականները մագնիսացուցած են համայն աշխարհին ուշադրութիւնը՝ մինչ մարդկութիւնը խաղաղութեան ու համակեցութեան կարօտին մէջ է։
Մարաքանայի մարզադաշտին վրայ այսօր կէս գիշերը անց, Թուրքիոյ ժամով 02.00-ին տեղի կ՚ունենայ ողիմպիականներու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Կառավարութիւնը կը ջանայ ընդդիմութեան հետ զօրակցութիւն մը ապահովել՝ յանուն ժողովրդավարութեան:
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան դարձեալ համախմբուեցան ցուցարարներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան աւագ դատախազ Գէորգ Կոստանեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նախագահ Սերժ Սարգսեան վաւերացուցած է իր հրաժարականը։
«Նպատակս է ապրիլ եւ գործել Ջաւախքի մէջ, նպաստել Ջաւախքի մշակութային կեանքի զարգացման», կ՚ըսէ Կարծախ գիւղի բնակիչ, 21-ամեայ Սուսաննա Կարապետեան, որ մասնագիտութեամբ դերձակ-ձեւաւորող է:
Յառաջիկայ Օգոստոսի 12-ին, «Արենի փառատօն» հիմնադրամը, Գորիսի քաղաքապետարանին հետ համատեղ եւ Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան աջակցութեամբ՝ կը կազմակերպէ երրորդ «Սիւնեաց աւանդոյթներ» փառատօնը, Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքին մէջ: Փառատօնին ներկայ պիտի ըլլան Սիւնիքի մարզի բոլոր համայնքները, որոնք կը ներկայացնեն իրենց բերքն ու բարիքը: