ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐ Ս. Փ. ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ
Կը տեղեկանանք, որ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր վերջին օրերուն դարմանման տակ կը գտնուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, անցեալ Կիրակի երեկոյեան, Ֆրանսական պալատին մէջ մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցած էր ի պատիւ մեծանուն վարպետին։