ԱՆԻԾԵԼԻ ԾՈՒՂԱԿ
Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանի միջազգային թռիչքներու բաժանմունքին մէջ երէկ գիշեր պատահեցաւ ահաւոր պայթում մը. 36 զոհ, 147 վիրաւոր:
Իսթանպուլ հերթական անգամ ահաբեկչութեան թիրախ:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի խօսքերով, առաջին ազդանշանները ցոյց կու տան ԻՇԻՊ-ը եւ ընթացքի մէջ են դէպքի բացայայտման աշխատանքները:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը խոչընդոտ կը հանդիսանայ, որպէսզի Հայաստան օգտուի իր կարեւոր աշխարհագրական դիրքէն:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրով վաղը Երեւան պիտի այցելէ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր։ Հարկ է նշել, որ Գերմանիա ներկայիս շրջանային նախագահ երկիրն է ԵԱՀԿ-ի, որու հովանաւորութեան ներքեւ կ՚ընթանան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ աշխատանքները։
Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ քոյր եկեղեցիներու հովուապետները երէկ Խոր Վիրապի սահմանամերձ պատմական վանքէն սպիտակ աղաւնիներ արձակեցին դէպի աստուածաշնչեան Արարատ լեռը՝ ի նշան խաղաղութեան:
Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետի Հայաստան այցելութիւնը շատ լայն արձագանգ ստեղծեց՝ նաեւ քաղաքական հարցերու շուրջ պարփակած պատգամներով։ Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատեց հայկական հարցին վերաբերեալ իր դիրքորոշումը՝ 1915-ի դէպքերը հերթական անգամ որակելով որպէս ցեղասպանութիւն։