Լրահոս
ԸՆԹԱՑԻԿ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնի ներկայացուցիչները քաղաքիս մէջ:
Ըստ Ռազմիկ Փանոսեանի, սփիւռքահայ վարժարաններուն հետ ձեռնարկուած ծրագիրները ունին յուսադրիչ հեռանկարներ:
ԻՑՀԱՔ ՌԱՊԻՆ ԿԱՄ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ ԵՐԱԶԸ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Ես 30743 համարը կրող իսրայէլեան բանակի նախկին զօրավարս այսօր անդամ դարձայ խաղաղութեան համար պայքարող մեծ բանակին»։ Այս խօսքերով Միացեալ Նահանգներու գոնկրէսին առջեւ հանդէս եկած Իսրայէլի հինգերորդ վարչապետը՝ Իցհաք Ռապին կը սպաննուէր 4 Նոյեմբեր 1995 թուականին:
ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԸ
Մայիս 9-ի առթիւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ երէկ տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Վեհափառ Հայրապետը յարգանքի տուրք մատուցին նահատակներու յիշատակին համար:
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեան այսօրուան իր խմբագրականի սիւնակին մէջ գրած է հետեւալը։ Կ՚արտատպենք արեւմտահայերէնի վերածելով, որոշ յապաւումներով։
Ապու Տապիի Մէջ բացումը կատարուեցաւ «Արա Խանոյեան» Վարժարանին
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, պաշտօնական բացումը կատարեց «Արա Խանոյեան» ազգային վարժարանին եւ «Սուրէն Գոճաքեան» սրահին։
ՎԱՌ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ
«Փակ սահմանի երկխօսութիւն« վաւերագրական ժապաւէնին հերթական ցուցադրութիւնը՝ Երեւանի մէջ:
ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ քննարկում:
ՍՏՈՒԳՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
«Քարնեկի» հիմնարկի աւագ վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ յօդուած մը գրի առաւ Politico Europe պարբերականին մէջ:
Ատրպէյճանի մէջ նախատեսուած «Ֆորմիւլա 1»էն վերջ հաւանական կը նկատուի Արցախի ճակատին վրայ բախումներու վերսկսիլը: Այսօր հայկական կողմը կը նշէ Շուշիի ազատագրման տարեդարձը: Հայկական կողմը չի պատրաստուիր որեւէ բան ընդունիլ Պաքուի ճնշումներու պայմաններուն ներքեւ:
ԹՈՒՐՔ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐԸ ՌՄԲԱԿՈԾԵՑԻՆ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԱՔԻ ԹԻՐԱԽՆԵՐԸ
Թուրք զինեալ ուժերը շաբաթավերջին լայնածաւալ ու ազդու գործողութիւններ իրականացուցին Հիւսիսային Իրաքի մէջ։ Ռազմաօդային ուժերը Քանտիլի, Մեթինայի, Զափի եւ Կարայի շրջաններէն ներս ռմբակոծեցին անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան զանազան թիրախները։
«ԹՈՒՐՔԻԱ ՄՆԱՑ ԱՌԱՆՁԻՆ»
Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա առանձին թողուած է «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարին մէջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ Էրտողան անդրադարձաւ Սուրիոյ իրադրութեան։