ԱՉԱԼՐՋՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ
Պունտեստակի մէջ հայկական բանաձեւի քննարկման ընդառաջ հեռախօսազրոյց՝ Պինալի Եըլտըրըմի եւ Անկելա Մերքէլի միջեւ:
Ազգային մեծ ժողովի երեք կուսակցութիւնները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ՝ որպէսզի թշնամութիւն չյառաջանայ:
Պունտեստակի մէջ հայկական բանաձեւի քննարկման ընդառաջ հեռախօսազրոյց՝ Պինալի Եըլտըրըմի եւ Անկելա Մերքէլի միջեւ:
Ազգային մեծ ժողովի երեք կուսակցութիւնները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ՝ որպէսզի թշնամութիւն չյառաջանայ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը, որ ներկայիս կը գտնուի Հայաստանի մէջ։
Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու յայտարարեց, որ շատ մօտ են Թուրքիոյ հետ հաշտուելու։
Թուրքիա երէկ դարձեալ մեծ ցաւ ապրեցաւ նահատակներու վերաբերեալ լուրերով, որոնք այս անգամ հասան Վանէն, Շըրնաքէն եւ Սիլոփիէն։
Զուիցերիոյ մայրաքաղաքը՝ Պերնի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի մարմնամարզութեան առաջնութիւնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի հաւաքականը։ Այս կարեւոր մրցաշարքի արդիւնքին հայկական ընտրանիէն Յարութիւն Մերտինեան նուաճեց ոսկէ մետայլ՝ հասնելով ախոյեանի տիտղոսին։

Յակոբեան տեսակցեցաւ «Հայաստան» հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն հետ:
Սփիւռքի մէջ կը շարունակուի բազմակողմանի շարժումը՝ Արցախի զօրակցութեան համար:
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Կովկաս-2015» տարեկան միջազգային գիտաժողովը։ «Էրեբունի փլազա»ի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու նախաձեռնարկն էր յայտնի քաղաքական մեկնաբան Ալեքսանտր Իսքանտարեանի կողմէ գլխաւորուած Կովկասի կաճառը։
Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր յայտարարեց, թէ միջազգային որեւէ հակամարտութիւն չի կրնար լուծուիլ առանց Ռուսաստանի մասնակցութեան։ Երէկ, Շթայնմայէր ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պերլինի մէջ կազմակերպուած Գերմանիա-Ռուսաստան համաժողովին ընթացքին։
Գերմանիոյ խորհրդարանը այս Հինգշաբթի պիտի քննարկէ հայկական հարցին վերաբերեալ բանաձեւ մը։ Յունիսի 2-ին Պունտեստակ օրակարգի վրայ պիտի ունենայ նախագիծ մը, որուն մէջ 1915 թուականի դէպքերը կը բնորոշուին որպէս ցեղասպանութիւն։ Եթէ այդ բանաձեւը ընդունուի, ապա Պերլին պաշտօնապէս ճանչցած պիտի ըլլայ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտները։