ՂԱՐԱԲԱՂԸ «ՃԵՆՆԷԹ» ՉԷ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիական պատերազմին հետեւողներուն համար Հալէպի, Դամասկոսի, Հոմսի տարբեր ճակատները դարձան իսլամամէտ խմբաւորումներու «սպասուած դրախտ»: Արաբերէնով եւ թրքերէնով՝ ճեննէթ: Այդ դրատին համար Միջին Ասիոյ տարբեր քաղաքներէն եւ Եւրոպայի ցամաքներէն հազարաւոր իսլամամէտներ Սուրիա հասնելով պատերազմ մղեցին Սուրիոյ նախագահին առաջնորդած բանակին դէմ:
Շուէտի մայրաքաղաքը՝ Սթոքհոլմի մէջ այս երեկոյ տեղի կ՚ունենայ «Եւրոտեսիլ-2016» երգի մրցոյթը։
Իսթանպուլի մօտ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոսութեան մամլոյ կցորդը այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահները երէկ հանդէս եկան համատեղ կարեւոր յայտարարութիւնով մը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էյրոյի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին առանցքային նիւթն էր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը։
Հայաստան եւ Եւրոմիութիւնը ներկայիս բանակցութիւններ կը վարեն՝ իրենց յարաբերութիւններուն համար նոր իրաւական հիմք մը ձեւաւորելու առաջադրութեամբ։
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Եան-Քլոտ Եունքէր յայտնեց, որ ԵՄ-ի անդամ կարգ մը երկիրներ հաւատարմութիւն ցոյց կու տան միայն երբ խօսքը կը վերաբերի գումարներուն, դրամ կամ այլ օժանդակութիւններ ստանալու։