ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԾ ԵՆ ԱՅՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ՄԷՋ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱՆԴԻՊԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները տեղեկացուցին, որ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ համաձայնած են այս ամիս նոր հանդիպում մը ունենալու ուղղութեամբ։ Միջնորդները այս մասին տեղեկացուցին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մամէտեարովի հետ անցեալ շաբաթ իրենց ունեցած հանդիպումներէն վերջ։
Չինաստանի առաջին փոխ-վարչապետ Ճան Կաոլիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այս օրերուն շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Հիւր փոխ-վարչապետը երէկ Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Փոխ-վարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեանի կողմէ։
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան միասնաբար կը հակազդեն Գերմանիոյ խորհրդարանի նախաձեռնութեան դէմ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այցելութիւն մը տուաւ Տիարպաքըր:
Մխիթարեան միաբանութեան դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն համար կարգադրութիւն:
Պէյրութի «Հայկազեան» հայագիտական համալսարանէն ներս վերջերս գումարուեցաւ հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան ժողովը։ Միացեալ Նահանգներէն եւ Պէյրութէն համախմբուած ժողովականներու երկօրեայ աշխատանքին ընթացքին քննարկուեցան հաստատութեան ռազմավարական նախաձեռնութիւններն ու ապագայի վերաբերեալ ծրագրերը։
Գերմանիոյ խորհրդարանը երէկ 1915-ի դէպքերը պաշտօնապէս ճանչցաւ որպէս ցեղասպանութիւն, ինչ որ աննկարագրելի զայրոյթ մը պատճառած է Անգարային։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Եռանախագահները՝ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին վերաբերեալ հարցեր։