ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՑՈՅՑԵՐ
Երեւանի մէջ հոծ թիւով երիտասարդներ շաբաթավերջին բողոքի ցոյց մը կատարեցին՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ, երբ այնտեղ կ՚այցելէին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները։ «Դադրեցնել ահաբեկչութիւնը» վանկարկումներով դիմաւորեցին միջնորդները եւ վայրկեան մը յարգանքի լռութիւն պահեցին վերջին բախումներուն ընթացքին զոհուած բոլոր հայոց յիշատակին։

Արցախի երկինքէն երէկ վար առնուեցաւ Ատրպէյճանի հարուածային անօդաչու թչող սարք մը: