Լրահոս

ԺԻՊԷՅԼԻ ԹԻՒ 642 ՀՈՂԱՏԱՐԱԾՔԸ ԿԱՄ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ». Ի՞ՆՉ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ԱՅՆՏԵՂ

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լի­բա­նա­նեան ա­րա­բա­տառ մէ­կէ ա­ւե­լի պար­բե­րա­կան­ներ վերջին օ­րե­րուն լի­բա­նա­նեան ծո­վե­զե­րեայ Ժի­պէյլ (պատ­մա­կա­նօ­րէն՝ Պիպ­լոս) շրջա­նին մէջ գտնուող «Թռչնոց բոյն» ա­նու­նով յայտ­նի որ­բա­նո­ցին մա­սին նիւ­թեր հրա­պա­րա­կե­ցին: Թեր­թե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը տար­բեր շա­րադ­րանք­ներ ներ­կա­յաց­նե­լով կը խօ­սէր որ­բա­նո­ցի տա­րած­քին մօտ գտնուող փոքր գե­րեզ­մա­նա­տան մը մա­սին, ո­րուն մէջ ե­ղող երեսուներեք հան­գու­ցեալ­նե­րու ա­ճիւն­նե­րը, ըստ կա­տա­րուած հա­մա­ձայ­նու­թեան մը, պի­տի հա­նուէին ու վե­րա­թա­ղուէին նո­րա­կա­ռոյց թան­գա­րա­նին մօտ:

ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄ ՉԿԱՅ

​Էրիք Ռապին Ուաշինկթընի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ BROOKINGS հաստատութենէն ներս:
«Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ կողմերը պէտք է վերահաստատեն իրենց պատրաստակամութիւնը կարգաւորման ուղղութեամբ», համոզուած է ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ 55-ՐԴ ՀՈՒՆՁՔԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ ԵՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ 60-ԱՄԵԱԿԸ

Տըպ­պա­յէի, Պէյրութ, «Լա Մա­րի­նա­»ին մէջ Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նը կազ­մա­կեր­պեց իր տա­րե­կան վկա­յա­բաշխ­ման հան­դի­սա­ւոր տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը, որ կը զու­գա­դի­պէր հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 60-ա­մեա­կին, ո­րուն ըն­թաց­քին 227 ու­սա­նող­ներ յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տե­ցին ի­րենց բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը՝ դառ­նա­լով հայ­կա­կան սփիւռ­քի միակ բարձ­րա­գոյն հաս­տա­տու­թեան 55-րդ հունձ­քի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը:

ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» եւ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները երէկ օրուան երկրորդ կէսէն սկսեալ թիրախը դարձան Թուրք զինեալ ուժերուն, որ օդէն ու ցամաքէն ռմբակոծումներ կ՚իրականացնէ ամենայն սաստկութեամբ:
Տաղի սահմանային պահակակէտին մօտ ենթասպայի մը նահատակուելէն վերջ բանակը անմիջապէս շարժման անցաւ՝ դէպի Սուրիոյ սահմանը լայնածաւալ կրակ բանալով: Անգարայի մէջ տեղի ունեցած Անվտանգութեան գագաթաժողովէն վերջ, կէս գիշերին սկսան օդային գործողութիւնները:
Թուրքիա հաւանութիւն տուաւ, որպէսզի ԱՄՆ օգտագործէ Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը: Սահմանին վրայ թռիչքներու համար փակ գօտի մը կը ստեղծուի:

ՊԵԼԺԻՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՊԱԼԱՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ

Պել­ժիոյ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ժո­ղո­վը ե­րէ­կուան իր լիա­գու­մար նիս­տին ըն­թաց­քին միա­ձայ­նու­թեամբ ըն­դու­նեց հայ­կա­կան այն բա­նա­ձե­ւը, որ եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցած էր Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վին կող­մէ եւ օր մը ա­ռաջ ալ ա­նոր մա­սին քննար­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցած էին լիա­գու­մար նիս­տի ըն­թաց­քին։

Էջեր