ՃԱԲՈՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպան Էյճի Թակուչի յայտարարեց, որ ամէն տարի իր երկրէն տասը հազար հոգի կ՚այցելէ Հայաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ըսաւ, թէ ներկայիս դեսպանատունը կ՚ուսումնասիրէ առեւտուրի եւ ներդրումներու ոլորտէն ներս համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։