Լրահոս
Հայաստանի Տղոց Եւ Աղջկանց Հաւաքականները Մեկնեցան Հիուսթըն
Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ծանրաբարձութեան հաւաքականները Քազանէն (Ռուսաստան) մեկնեցան Հիուսթըն (Միացեալ Նահանգներ):
ԿԼՈՊԱԼ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ
G-20-ի շրջանային նախագահի պաշտօնին մէջ Չինաստան կը փոխարինէ Թուրքիան։
Անթալիոյ գագաթաժողովի եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ գաղթականաց տագնապին եւ անոր երկարաժամկէտ յաղթահարման ուղղեալ համակարգման։
Էրտողանի, Օպամայի եւ Փութինի պատգամները արձակման հանգրուանին եղան զգայացունց բոլորին համար։
«ՖՐԱՆՍԱ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԷՋ»
Փարիզի մէջ պատահած աննախընթաց ահաբեկչութեան պատճառած ցնցումը յեղաշրջած է Ֆրանսայի օրակարգը։
ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՕՐ ԵՐԴՄԱՆ
Նոյեմբերի 1-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններէն վերջ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ այսօր կ՚ապրուի երդման օր մը։ 26-րդ գումարման Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի անդամները այսօր կը կատարեն իրենց երեսփոխանական երդումը։
ՑԻՓՐԱՍԻ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՑԸ
Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս այսօր կը ժամանէ Թուրքիա։ Ան առաջին անգամ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ կը հիւրընկալուի՝ Յունաստանի վարչապետ դառնալէ վերջ։
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ
Սինիրլիօղլուէն մանրամասնութիւններ՝ Վիեննայի բանակցութիւններուն շուրջ:
Միջազգային համաձայնութեան մէջ կը նախատեսուի Պեշար Էսատի իշխանութենէն հեռանալը:
ԻՐԱՆԻ ՇՈՒՐՋ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ
Թեհրանի մէջ վերջերս կազմակերպուեցաւ Հայաստան-Իրան գործարար համաժողով մը, որու ընթացքին շեշտուեցաւ, թէ երկու երկիրներու առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը կարելի է հասցնել 1 միլիառ ամերիկեան տոլարի։ Այս գործարար համաժողովը կազմակերպուած էր Թեհրանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Իրանի Առեւտուրի, արդիւնաբերութեան հանքերու եւ գիւղատնտեսութեան պալատին կողմէ։
ԶՕՐ. ՍԱԼԻՀ ԶԵՔԻ ՉՈԼԱՔ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ
Ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօրավար Սալիհ Զեքի Չոլաք այսօրերուն կ՚այցելէ Պաքու։ Իր շփումներուն շրջագծով ան հանդիպումներ կ՚ունենայ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն եւ ոլորտի այլ շարք մը պաշտօնատարներուն հետ։

