Լրահոս
ԼԱՐՈՒԱԾ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ԱՌԿԱՅՈՒԹԻՒՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը սպառնայ Ռուսաստանին՝ ըսելով, թէ այսուհետեւ կազ պիտի չգնէ:
Վլատիմիր Փութինի մամլոյ քարտուղար Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, թէ Մոսկուայի իշխանութիւնները կը պաշտպանեն նաեւ Թուրքիոյ սահմանները:
ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ԴԱՐԱԴԱՐՁ
Հայոց հոգեւոր մայրաքաղաքը կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան պանծալի տարեդարձը:
Էջմիածնի հրապարակին վրայ մեծ հանդիսաւորութեամբ բացումը կատարուեցաւ Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանին:
ԵՒՐՈԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՔՈՒԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐԸ ԽԶՈՒԱԾ
Եւրոպայի խորհուրդը յայտարարեց, թէ վերջ կու տայ մարդկային իրաւանց գծով Ատրպէյճանի հետ իր գործակցութեան։ Պատճառն է այդ երկրին մէջ մարդկային հիմնական իրաւունքներու իրավիճակին կտրուկ վատթարացումը։
«ՀԱՅՃԱՐ»ԻՆ՝ ՇՔԱՆՇԱՆ
«Հայճար»ի վարչութեան նախագահ Ժան Կավրիլոֆ եւ նախկին ատենապետ, վարչութեան անդամ ու հիմնադիրներէն Նազարէթ Պինաթլը Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուեցան «Արշիլ Կորքի» շքանշանով՝ Ճարտարապետներու միջազգային օրուան առթիւ։
ՀԱՆՐԱՔՈՒԷԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն։ Նախագահի մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ, նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Վենետիկի յանձնաժողովի այն անդամներուն, որոնք մասնագիտական բարձրորակ օժանդակութիւն ցուցաբերեցին սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովին։
ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԷԿՏԵՂՈՒՄ
ՏԽՈՒՐ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի հաւաքականները երէկ իրիկուն Երեւանի մէջ ունեցան ընկերական հանդիպում մը։ Արդիւնքին՝ Հայաստան պարտուեցաւ 4-0 հաշուով։
ՆՈՊԷԼԸ՝ ՍՊԻՏԱԿ ՌՈՒՍԻՈՅ
Գրականութեան բնագաւառի մէջ 2015-ի Նոպէլեան մրցանակը շնորհուեցաւ Սպիտակ Ռուսիայէ գրող Սվետլանա Ալեքսիեւիչին։ Իր գրչին կը պատկանին «Պատերազմը կանացի դէմք չունի», «Չերնոպիլեան աղօթք» եւ այլ գեղարուեստական-վաւերագրական գիրքեր եւ այլ ստեղծագործութիւններ։
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԱՆԱՏՈԼՈՒԻ ՀՐԱՊՈՅՐԸ
Լիոնաբնակ Ստեփան Պուտոյեան քառասուն տարիներէ ի վեր կ՚որոնէ նախահայրերուն հետքերը:
Ֆրանսական մշակութային միութեան մէջ մտերմիկ զրոյց՝ խօսուն ու վառ լուսանկարներու ուղեկցութեամբ: