ՍԷՐԿԷՅ ՆԱՐԻՇՔԻՆԻ ԱՅՑԸ
Ռուսաստանի Պետական տումայի նախագահ Սէրկէյ Նարիշքին այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։
Ռուսաստանի Պետական տումայի նախագահ Սէրկէյ Նարիշքին այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։
Սեփական լրատուութիւն.-
Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ, Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը. Հետազօտութեան 100 տարի» խորագրեալ գիտաժողովը այսօր կը հասնի իր աւարտին։ Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի երդիքին տակ տեղի կ՚ունենան եզրափակիչ փուլի գիտական նիստերը։
Դէպի Չինաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջագծով, երէկ, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Փեքինի համալսարանին մէջ։ Ուսանողներուն եւ դասախօսներուն առջեւ ունեցած ելոյթին ժամանակ ան ըսաւ. «Հայաստան իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին գտնուած է երկու աշխարհներու՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի սահմանագծին, ինչ որ հայ ժողովուրդը ընկալելի դարձուցած է թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ Ասիոյ համար։
Անգարայի ղեկավարութիւնը Ապրիլի 24-ին ընդառաջ խիստ ոճով հանդէս կու գայ Երեւանի հասցէին:
Էրտողան եւ Չավուշօղլու հերթական անգամ յայտարարութիւններ ըրին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան ի գործ կը դնէ վստահութեան ձեւաւորումը մերժման քաղաքականութիւն։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Սէյրան Օհանեան դիտել տուաւ, թէ խաթարելով բանակցային խաղաղ կարգաւորման գործընթացը՝ Ատրպէյճան դարձեալ գործի կը դնէ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, սպառազինութիւններու մրցավազքը եւ կողմերու միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման դրութիւնները մերժելու ուղղեալ քաղաքականութիւնը։