ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ գլխաւորուած միջազգային համախոհութիւնը կը պատրաստուի իրականացնել լայնածաւալ ու սաստիկ օդային նոր գործողութիւններ։ Վերջին օրերուն ցամաքային գործողութիւններու վերաբերեալ պնդումները հերքուեցան պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ, սակայն ներկայիս արդէն օրակարգի վրայ են զանազան լուրեր, ըստ որոնց բաւական հասունցած է օդային լայնածաւալ գործողութեան մը պատրաստութիւնը։
Վարչապետը TRT-էն կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ նոր սահմանադրութեան հեռանկարին առընչութեամբ:
Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ նոր բանակցութիւնները պաշտօնապէս պիտի սկսին յաջորդ ամիս:
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ: Սէրկէյ Լաւրովի խօսքերով, Ռուսաստան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա բացարձակապէս դէմ են՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը այլ հարթակներ տեղափոխելու փորձերուն, ինչ որ միայն կը վնասէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու աշխատանքին:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա երէկ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Երկու ղեկավարները Ուաշինկթընի մէջ առաջնահերթօրէն քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքի հաշտութեան գործընթացը, Սուրիոյ եւ Իրանի վերաբերեալ նիւթեր։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 77-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։
Շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ նշուեցաւ երկրի Ռազմական հետախուզութեան համակարգի կազմաւորման 23-րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ կազմակերպուած տօնակատարութեան մասնակցեցան Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եուրի Խաչատուրով եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։