ՆԵՐԴՐՈՒՄԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԵՐ
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արժանթինահայ յայտնի գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էրնէքեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին Յովիկ Աբրահամեան բարձր գնահատեց երկրի տնտեսութեան բնագաւառէն ներս Էրնէքեանի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը։