ՀԱՍԱՆ ՌՈՒՀԱՆԻ ԼԱՒԱՏԵՍ
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց, որ իր երկրին դէմ սահմանուած պատժամիջոցները պիտի ջնջուին մինչեւ տարեվերջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Րէօյթըրզ» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Հասան Ռուհանի այս յայտարարութիւնը ըրած է՝ Թեհրանի մօտ Սպանիոյ դեսպանին հաւատարմագիրը ընդունելու ժամանակ։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ։
Եւրոպաբնակ մտաւորական Փընար Սելէք առաջին անգամ կ՚այցելէ Հայաստան:
Միջազգային գետնի վրայ խտացեալ ջանքեր Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման նպատակով: