ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ ՓԱԿ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ դռնփակ նիստ մը, որու ընթացքին Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ տարածքաշրջանային, միջազգային իրադարձութիւններուն եւ Երեւանի երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։ Կը հաղորդուի, որ այս քննարկումներուն ընթացքին շօշափուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը՝ մասնաւորապէս Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ վերջերս ընդունուած հակահայկական զեկոյցի առանցքին շուրջ։

Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր նամակ մը ուղարկեց Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ Եւրոմիութեան եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջեւ համագործակցութեան հաստատման առաջարկով։
Երեւանի մօտ ԵՄ-ի պատուիրակութեան նորանշանակ ղեկավարին մամլոյ ասուլիսը:
«Մանկական եւրոտեսիլ-2015»ի հայաստանեան պատուիրակութիւնը Պուլկարիոյ մէջ է, ուր Միքան յագեցած ծրագիր ունի՝ լեցուն տարբեր փորձերով, ձայնագրութիւններով ու բազմապիսի հանդիպումներով: