ՈՒՈՐԼԻՔ «ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ» ՈՐԱԿԵՑ ՀԱՅ-ԱԶԷՐԻ ՇՓՄԱՆ ԳԾԻՆ ԱՌԿԱՅ ՎԻՃԱԿԸ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան կատարած այցելութեան արձագանգները կը շարունակեն զբաղեցնել օրակարգը։ Միջնորդները երէկ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան ամփոփելով իրենց վերջին ուղեւորութիւնը։

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 92 տարեկան։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։ Մայրաքաղաք Անգարայի եւ բովանդակ Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ տեղի կ՚ունենան փայլուն տօնակատարութիւններ։
