ԼԱՐՈՒԱԾ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ԱՌԿԱՅՈՒԹԻՒՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը սպառնայ Ռուսաստանին՝ ըսելով, թէ այսուհետեւ կազ պիտի չգնէ:
Վլատիմիր Փութինի մամլոյ քարտուղար Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, թէ Մոսկուայի իշխանութիւնները կը պաշտպանեն նաեւ Թուրքիոյ սահմանները:
Հայոց հոգեւոր մայրաքաղաքը կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան պանծալի տարեդարձը:

ՆԱԹՕ-ի պաշտպանութեան նախարարները այսօր կը մէկտեղուին Պրիւքսելի մէջ՝ քննարկելու համար Ռուսաստանի կողմէ Սուրիոյ մէջ իրականացուած օդային գործողութիւնները։ Մինչ այդ, ՆԱԹՕ-ի Ընդհանուր քարտուղար Եէնս Շթոլթենպերկ յայտարարեց, թէ ՆԱԹՕ պատրաստ է զինուոր առաքելու Թուրքիա՝ հարաւային սահմանէն գալիք հաւանական սպառնալիքներու դիմաց պաշտպանելու համար իր դաշնակիցը։