ԴԻՄՈՒՄ ԻՒՆԷՍՔՕ-ԻՆ
Թուրքիա դիմած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ին՝ Վանի բերդը համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ ընդգրկելու համար։ «Րատիքալ»ի հաղորդմամբ, Վանի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մուզաֆֆէր Աքթուղ յայտնած է, որ եթէ Վանի բերդը մտնէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, ապա ատիկա մեծ ճանաչում եւ օգուտ պիտի բերէ Վանին։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը սպառնայ Ռուսաստանին՝ ըսելով, թէ այսուհետեւ կազ պիտի չգնէ:
Հայոց հոգեւոր մայրաքաղաքը կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան պանծալի տարեդարձը: