ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ
Տերէք Հոկանի հետ հեռախօսազրոյցէ վերջ, Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ ընդունեց Պույար Օսմանին:
Երեւան եւ Պաքու ներկայիս կանաչ լոյս կը վառեն Մոսկուայի մէջ բանակցելու համար: Չավուշօղլու զրուցեց Պայրամովի հետ: արեւմուտքէն միշտ կը հնչեն կոչեր:
«Առանց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան խնդիրներու հասցէագրման՝ իրատեսական չի համարուիր տարածաշրջանէն ներս երկարատեւ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատումը»:
Անգարա-Գահիրէ բնականոնացման գործընթացը այսօր շարունակութիւն կը գտնէ բարձր մակարդակի այցելութիւնով մը։ Այսպէս, արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու կը հիւրնկալէ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրին։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ պայմանաւորուածութիւն գոյացած է՝ ցամաքային սահմանը յառաջիկայ ամրան սկիզբին բանալու համար երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն, նաեւ դիւանագիտական անցագրի տէր անձերուն։ Ինչպէս ծանօթ է, Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս տարուած աշխատանքները շուրջ տարի մը առաջ հասուննալով թեւակոխած էին որոշ համաձայնութիւններու ձեռքբերման փուլը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները դարձեալ կրակ բացին Հայաստանի դիրքերուն վրայ:
Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի «Միքայէլեան» համալսարանական հիւանդանոցի Վերակենդանացման եւ խտացեալ խնամքի բաժանմունքը վերջերս համալրուած է նոր հիփերպարիք թթուածինի սարքով մը։ Ներկայիս ամբողջ աշխարհի մէջ լայն տարածում գտած է պարոթերափին, որու շնորհիւ մարդկային օրկանիզմի բջիջներուն բարձր ճնշման տակ թթուածին կը հասցուի։
Գեղեցկութիւններն ու անոնց ընկալումը, անշուշտ, խիստ ենթակայական է։ Ուղիղ համեմատութեան մէջ, շատ յարաբերական են նաեւ հաճոյքն ու բաւարարութիւնը։ Մարդկային կեանքի ելեւէջներուն մէջ երբեք չի պակսիր ամէն զգացումի, ամէն ընկալման կամ սահմանման հակառակը։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան բացումը մօտաւոր ապագային օրակարգի վրայ չի գտնուիր, սակայն երկու երկիրները կ՚աշխատին սահմանային անցակէտերու բացման ուղղութեամբ։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի Թեհրան կատարած այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի կողմէ հիւրընկալուած էր Արմէն Գրիգորեան։