ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱԹԱՐՈՒՄ
Արցախը պաշարման տակ առնելէ վերջ Ատրպէյճան անցակէտ կը հաստատէ Լաչինի միջանցքին մէջ:
Փաշինեան հեռաձայնով զրուցեց Միշելի եւ Փութինի հետ: Միխայիլ Կալուզին փութաց Երեւան, ուր տեսակցեցաւ Արարատ Միրզոյեանի հետ: Լեռնային Ղարաբաղի ռուս խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար նշանակուեցաւ Ալեքսանտր Լենցով:
Մեծ կղզիի յունաց երբեմնի որբանոցի պատմական շէնքի վերանորոգման գործընթացը վերջին շրջանին զանազան հարթութիւններու վրայ անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ՝ ներառեալ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները։
Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման ճանապարհին հաւանական քայլերու քննարկում:
Վերջին օրերուն Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցած է բռնի դէպք մը, որ լայն արձագանգ ստեղծած է հայկական հանրային կարծիքին մօտ։ Այսպէս, Վրաստանի «Հայ համայնք» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Արթուր Միրզոյեան յարձակումի մը ենթարկուած է Թիֆլիզի մէջ։
Կը տեղեկանանք, որ Մոնրէալի մէջ լոյս տեսած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Վրէժ-Արմէնի գրութիւններու համապարփակ մատենագիտութիւնը։ 1954 թուականի մայիսէն մինչեւ այս տարուան մարտ ամսուան ժամանակաշրջանը՝ այս մատենագրութեան մէջ արդէն ամփոփուած են հեղինակին կողմէ ստորագրուած բազմաբնոյթ գրութիւնները։
Վրաստան մինչեւ տարեվերջ պիտի ստանայ Եւրոմիութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ։ Թիֆլիզ աւարտած է՝ այդ կարգավիճակը ձեռք բերելու համար անհրաժեշտ 12 յանձնարարականներու աշխատանքները եւ մինչեւ տարեվերջ Պրիւքսելի կողմէ իրեն պիտի տրամադրուի անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ։
Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի համագործակցութիւնը կը շարունակէ զարգանալ բոլոր ուղղութիւններով։ Այսպէս, կը հաղորդուի, որ յառաջիկային Իսրայէլ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ձեռնարկութիւններէն մէկը Ատրպէյճանին պիտի տրամադրէ՝ 120 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ երկու արբանեակ։
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս հրատարակած է հետաքրքրական վէպ մը, որ կը կոչուի «Kızgın Buhardaki Koza» եւ որու հեղինակն է Յակոբ Կոպէլեան։ Սա ունի պատմավէպի մը բնոյթը, որովհետեւ գործը կը վերաբերի անցեալի հայաբնակ Պարտիզակին եւ անոր վերաբերեալ ինչ-ինչ յիշողութիւններու։
Ապրիլի 24-ի պատգամին մէջ նախագահ Պայտըն դարձեալ ցեղասպանութիւն որակեց 1915-ի դէպքերը:
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Իրանի եւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ եռակողմանի ձեւաչափով քաղաքական խորհրդակցութիւն մը, որ առաջինն էր իր նմաններու շարքին։