ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԴԱՓՆԵԿԻՐ
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Հայաստան-Արցախ-սփիւռք» համահայկական 12-րդ մրցանակաբաշխութիւնը։ Այսպէս, Սփիւռքի լաւագոյն խմբագրի անուանակարգին մէջ այս տարի մրցանակի արժանացաւ Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան։
Հայաստանի Պետական բժշկական համալսարանի վերատեսուչ Արմէն Մուրատեան երէկ Փարիզի մէջ ներկայացուց վիրաւոր զինուորներու վերականգնման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները։ Իր հետ էր նաեւ Հայկուհի Մինասեան, որ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ կը գտնուէր Ստեփանակերտի Ծննդատան մէջ՝ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ թիրախաւորման պահուն։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին օրերուն մահացած է նախկին ծերակուտական Ռապըրթ Տոլ, ինչ որ լայն արձագանգ գտած է՝ մանաւանդ սփիւռքի շրջանակներէն ներս։ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմինէն ներս ան եղած էր իր պաշտօնավարած շրջանի յայտնի դէմքերէն մին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ հիւրընկալեց՝ փրոֆ. Ազիզ Սանճարը, որ Նոպելի տարրաբանութեան մրցանակը նուաճած է։ Թուրք գիտնականը վերջին օրերուն կը գտնուի Ատրպէյճանի մէջ։
Թուրքիա-Քաթար Բարձրագոյն ռազմավարական խորհուրդի 7-րդ ժողովը կը գումարուի Տոհայի մէջ:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Նիւ Տելհիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ։ 2019 թուականէն ի վեր սա երկու ղեկավարներու առաջին անձնական շփումն էր։
Հայաստանի մէջ այս շրջանին կը սկզբնաւորուի բացառիկ գործընկերային նախագիծ մը, որ կը կոչուի «Մատենա»։ Սա առաջնորդութեան ու մասնագիտական զարգացման միջազգային դպրոց մըն է, որու առաքելութիւնն է գիտելիքի կուտակման եւ համաշխարհային փորձառութեան տարածման միջոցաւ նպաստել մասնագիտական հմտութիւններու եւ ղեկավարման կարողութիւններու զարգացման՝ բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց մասնագիտական ոլորտներէ ներս կը ձգտին կատարելագործման եւ գերազանցութեան։
Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Եդուարդ Աղաճանեան երէկ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ այն եռակողմանի շփումներուն, որոնք Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ յառաջ կը տարուին։ Այս առթիւ ան մասնաւորապէս անդրադարձաւ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու համանախագահութեամբ ստեղծուած աշխատանքային խումբի գործունէութեան:
Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան աշխարհի առկայ հրատապ խնդիրներն ու անոնց լուծման հեռանկարները երէկ քննարկուեցան՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած մասնաւոր հաւաքոյթով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի Մամուլի ակումբի եւ Հանրային լրագրութեան ակումբի համատեղ ծրագրերու շրջանակին մէջ կազմակերպուած էր այդ հաւաքոյթը։