ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ՊԱՇՏՕՆ
Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեան ընտրուեցաւ Եւրոասիոյ Գրադարանային համախմբման փոխ-նախագահ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ այդ համախմբման համաժողովը։
Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեան ընտրուեցաւ Եւրոասիոյ Գրադարանային համախմբման փոխ-նախագահ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ այդ համախմբման համաժողովը։
«Թուրքիոյ մէջ արտադրուած ապրանքներու Հայաստանէ ներս վաճառքէն օգուտ կը քաղեն միայն միջնորդները»:
«Անատոլու» գործակալութիւնը համայնքային շրջանակներուն տրամադրութիւնը շօշափած է Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ նախատեսուած բնականոնացման շուրջ՝ զրուցելով Պետրոս Շիրինօղլուի, Տիգրան Կիւլմէզկիլի եւ Նազար Պինաթլըի հետ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները շաբաթավերջին հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը:
Եռանախագահները պատրաստակամ են հանդիպում կազմակերպելու՝ շարունակելու համար սեպտեմբերին Նիւ Եորքի եւ անցեալ ամիս Փարիզի մէջ սկսած քննարկումերը: Ռուսաստանի միջնորդութեամբ Ատրպէյճան 10 գերի վերադարձուց Հայաստանին:
Հայաստանի թատերական կեանքին տեսակէտէ նախընթաց օր յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ Երեւանի Սենեկային պետական թատրոնի երդիքին տակ ներկայացուած «Համլէթ»ով։ Թատերախումբի խաղացանկը համալրուեցաւ մեծանուն Ուիլիըմ Շէյքսփիրի նշանաւոր «Համլէթ»ին հիման վրայ բեմադրուած համանուն ներկայացումով։
Փոքրամասնութիւններու մամուլի դիմագրաւած մարտահրաւէրները կը քննարկուին զանազան երեսակներով:
Մտահոգութիւններու եւ զգայնութիւններու խաչմերուկին վրայ կ՚առանձնանան այն ծանր դժուարութիւնները, որոնք բաժին կը հասնին մայրենիով արտադրուող թերթերուն: Վաղը երեկոյեան յատուկ ծրագիր մը պիտի սփռուի ARTI արբանեակային հեռուստակայանէն:
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մուտքին միջոց մը առաջ պատահած եւ լայն արձագանգ ու հակազդեցութիւն ստեղծած դէպքին վերաբերեալ արդէն դատ բացուած է։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ Սթոքհոլմի մէջ նախատեսուած տեսակցութիւնը տեղի չունեցաւ։ Ինչպէս ծանօթ է, երկու նախարարները վերջին օրերուն Շուէտի մայրաքաղաքին մէջ մասնակցեցան՝ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։
Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Սիմոնեանի եւ վարչապետ Փաշինեանի կողմէ վերջին յարգանք:
Նորոգ հանգուցեալ պետական գործիչ Վանօ Սիրադեղեան այսօր կը յուղարկաւորուի՝ Երեւանի երէկուան սգահանդէսէն վերջ:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը այսօր կ՚ոգեկոչէ հոգելոյս Արայ Գօչունեանը՝ մահուան 25-րդ տարելիցին առթիւ։
Եթէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը կը համարուի հայ մամլոյ նահապետ, ապա անոր պատմական ճանապարհորդութեան ամբողջին մէջ անուրանալի է լուսահոգի Արայ Գօչունեանի առանցքային դերակատարութիւնը, վիթխարի վաստակը եւ անփոխարինելի ներդրումը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հերթական անգամ մէկտեղուեցաւ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ:
Պատրիարքարանի կողմէ տնօրինուած միջոցներով յատկացում կատարուեցաւ մեր թերթերուն՝ ըստ պարբերականութեան: