ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍ
Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցաւ երգահան, մանկավարժ, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, մշակութային, հասարակական գործիչ Եդուարդ Միրզոյեանի 100-ամեակին նուիրուած նուագահանդէս մը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան եւ Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնին կողմէ։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան վերջերս աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթըն, ուր ընդունուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարներու բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց նոր ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը արդէն Անգարայի մէջ մասնակցութիւն բերած է իր առաջին ժողովին։ Այս նիստէն առաջ Ճան Ուսթապաշը եւ իր նախորդը՝ Մորիս Լեւի քաղաքավարական այցելութիւն մը տուած են Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյին։
Յայտնի վիպասանուհի Ճոէն Ռոուլինկ այս տարի նոր գիրք մը կը թողարկէ երեխաներու համար։ Այսպէս, անգլիացի վիպասանուհի Ճոէն Ռոուլինկի նոր գիրքը երեխաներու համար կը թողարկուի 2021 թուականի հոկտեմբերի 12-ին։
Ոսկեգոյն բզէզները իրենց իւրայատուկ արտաքինի շնորհիւ կը համարուին բնութեան կենդանի «զարդեր»։ Այսպէս, «Ոսկէ կրիայ» անունով յայտնի բզէզները, որոնք կը պատկանին տերեւակեր (Chrysomelidae) միջատներու ընտանիքին, իրենց թափանցիկ պատեանով եւ գոյնը փոխելու կարողութեամբ դարձած են բնութեան կենդանի «զարդերը», կը գրէ «Oddity Central» կայքէջը։
15 յուլիս 2016 թուականին պատահած պետական հարուածի փորձի 5-րդ տարելիցը այսօր կը նշուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Այդ արիւնալի դէպքերէն եւ ժողովուրդի կողմէ ցուցադրուած մեծ դիմադրութենէն ի վեր՝ յուլիսի 15-ը Թուրքիոյ մէջ կը նշուի որպէս «Ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օր»։
Երեւանէն կը տեղեկացնէ Սագօ Արեան.-
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ:
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը երէկ հիւրընկալեց իրմէ առաջ այդ պաշտօնը զբաղեցուցած նախորդ երեք անձնաւորութիւնները։