ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄՕՏ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը երէկ հիւրընկալեց իրմէ առաջ այդ պաշտօնը զբաղեցուցած նախորդ երեք անձնաւորութիւնները։
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը երէկ հիւրընկալեց իրմէ առաջ այդ պաշտօնը զբաղեցուցած նախորդ երեք անձնաւորութիւնները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հերթականին նման, վերջերս, «Club House»ի սենեակներէն մէկուն մէջ էի եւ նիւթը Պաղեստինի խնդիրն էր: Զանազան հարցերու մասին խօսեցան, Սուրիոյ իշխանութիւնները քննադատեցին, Եարմուքի հարցը շօշափեցին, անդրադարձան Լիբանանի դէպքերուն, ուր Սուրիան հարուածած է պաղեստինցիները, անշուշտ այս բոլորը իրենց ըսելով:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց արժանթինահայ յայտնի գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էրնէքեանը, որ միեւնոյն ժամանակ երկրի Ազգային հերոսի կոչման արժանացած է:
Հրամանաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ Խոսրով Եպիսկոպոս Անձեւացիի «Մեկնութիւն Պատարագի աղօթքներուն» գիրքը, զոր աշխարհաբարի վերածած է հոգելոյս Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեան։ Այս հրատարակութիւնը կը պատկանի Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին եւ խմբագրուած է Տ. Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանի կողմէ։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ առջեւ շաբաթավերջին պատահեցաւ դէպք մը, որ մէկ կողմէ իսկապէս շատ զարմանալի է, իսկ միւս կողմէ ալ իր անարգական բնոյթին բերումով ցասում կը յառաջացնէ։ Այսպէս, շաբաթ ուշ գիշերին Գատըգիւղի եկեղեցւոյ շքամուտքին վրայ գտնուող խաչի պատուանդանին շուրջ պատահած է աննախընթաց երեւոյթ մը։
Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան աւարտականը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Լոնտոնի Ուէմպլէյ մարզադաշտին վրայ։ Անգլիոյ եւ Իտալիոյ հաւաքականները ախոյենութեան տիտղոսը նուաճելու համար բուռն պայքար մը մղեցին։
Եւրոմիութիւնը պատրաստ է աջակցիլ Երեւանին եւ Պաքուին, որպէսզի կարողանան հասնիլ խաղաղութեան:
Հայաստանի պարագային նախատեսուած է հինգ հիմնական ծրագիր՝ ելմտական միջոցներով հանդերձ, շուրջ 2.6 միլիառ եւրօ:
Ընդդիմադիր ուժերը կը պահանջեն արտահերթ ընտրութեան արդիւնքի անվաւեր հռչակուիլը:
Հայաստանի Սահմանադրական ատեանը կ՚արժեւորէ 20 յունիսի քուէարկութեան վերաբերեալ վիճարկումները:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ ներկայիս իր երկիրը արմատապէս փոխած է աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական իրողութիւնը Հարաւային Կովկասէ ներս։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ նախընթաց օր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Տեսակցութենէն օր մը վերջ, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ատրպէյճանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ շփումները մշտապէս կ՚իրականացուին Ռուսաստանի կողմէ՝ եռակողմանի յայտնի յայտարարութիւնները կեանքի կոչելու շրջանակներէն ներս։