ԳԻՏՆԱԼ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Մարդկային կեանքն ու ազատութիւնը ամենաթանկ, ամենակարեւոր բաներն են աշխարհի վրայ։ Անոնց համար կարելի է վճարել ամէն գին։ Այդ առումով մեր 15 գերիներու հայրենիք վերադարձը պէտք է անվերապահօրէն ողջունել եւ ուրախանալ այդ տղաներու ընտանիքներուն հետ միասին։
Շաբաթավերջին Ատրպէյճան Հայաստանին վերադարձուց եւս 15 ռազմագերի։ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ ռազմագերիներու վերադարձի յապաղման հարցը կը շարունակէ նուրբ նշանակութիւն ունենալ։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նորընտիր նախագահին յայտարարութիւնները:
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Այսպէս, Վեննայսի Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանն ու Հայրապետական սրբատառ կոնդակը յանձնուեցաւ Տերիք եւ Ատրինէ Ղուկասեաններուն։
Եւրոյանձնաժողովի Հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիվեր Վարհէի կը պատրաստուի տարածքաշրջանային ուղեւորութեան մը ձեռնարկել դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այս ծիրէն ներս ան երկօրեայ այցելութիւն մըն ալ պիտի տայ Հայաստան։
Էսաեան վարժարանէն ներս վերջերս տեղի ունեցան միջնակարգի եւ լիսէի բաժիններու շրջանաւարտներու հրաժեշտի արարողութիւնները։ Այսպէս, 8-րդ եւ 12-րդ դասարաններու ընթացաւարտները դպրոցի պարտէզէն ներս կազմակերպուած բացօթեայ արարողութիւններով ստացան իրենց վկայականները։
Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հետ։ Հայկական դեսպանատան աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչն ու վարչայիններէն Մարիամ Տրամէրեանը։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էին դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ դիւանապետի օգնական Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդի դռնփակ նստաշրջանը կը շարունակուի Զմմառի վանքէն ներս, Լիբանան, նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան օրակարգով։ Այս շաբաթավերջին արդէն կը նշուի երջանկայիշատակ Տ. Գրիգոր-Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքի վախճանման քառասունքը՝ մինչ իր յաջորդի ընտրութեան ուղղեալ ժողովները արդէն ընթացքի մէջ են Զմմառի մէջ։