ԲԱՌԱՐԱՆԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչն ու վարչայիններէն Մարիամ Տրամէրեանը։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էին դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ դիւանապետի օգնական Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդի դռնփակ նստաշրջանը կը շարունակուի Զմմառի վանքէն ներս, Լիբանան, նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան օրակարգով։ Այս շաբաթավերջին արդէն կը նշուի երջանկայիշատակ Տ. Գրիգոր-Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքի վախճանման քառասունքը՝ մինչ իր յաջորդի ընտրութեան ուղղեալ ժողովները արդէն ընթացքի մէջ են Զմմառի մէջ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անթալիայի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Այս առթիւ յայտարարուեցաւ, որ Անգարա եւ Մոսկուա յառաջիկայ շրջանին պիտի համակարգեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ սփիւռքահայ գիտնական տքթ. Ճոն Մարգարեան մահկանացուն կնքած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվանիա նահանգին մէջ, Ուեստ Փիթսթըն։ Ան Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի առաջին նախագահն էր։
Ֆէրիգիւղի մէջ վաղը երեկոյեան նախատեսուած է համայնքային կարեւոր խորհրդակցութիւն մը:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի ելմտագէտ-հաշուապահ Եդուարդ Գովան, որ իսկական հեղինակութիւն մը կը համարուէր այդ բնագաւառէն ներս։ Յառաջացած տարիքի բերումով Եդուարդ Գովանի առողջութիւնը վերջին շրջանին բաւական խանգարուած էր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները վաղը պիտի տեսակցին Անթալիայի մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քորոնաժահրի համաճարակի, կլիմայի փոփոխութիւններու դէմ պայքար եւ գաղթականներու խնդիրներ: