ՔԱՆԻ՞ ՏԱՐԻ ՍԵՓԱԿԱՆ ԱՆՃԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԴԱՐԱՑՆԵԼ «ՆԱԽԿԻՆՆԵՐՈՎ»
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հայաստանի զանազան մարզերուն եւ բնակարաններուն մէջ խնդիրներ յառաջացած են ոռոգման եւ խմելու ջուրի հետ կապուած։ Այնպէս չէ, որ խնդիրը նոր է։ Որքան կը յիշեմ, ամրան ջրամատակարարման խափանումներ եղած են՝ անկախ վարչախումբերու եւ իշխանութիւններու բնոյթէն։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները շաբաթավերջին թէ՛ տեղեկութիւններ փոխանցեցին վերջին դէպքերուն կապակցութեամբ եւ թէ հերքեցին Պաքուի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած ապատեղեկատուութիւնները։ Այսպէս, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Գեղարքունիքի սահմանային հատուածէն ներս Ատրպէյճանի կողմէ կրակահերթեր արձակուած են։
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը այս ամրան պիտի վերակենդանացնէ իր գործունէութիւնը։ Այս ծիրէն ներս Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ պիտի սկսին համոյթի փորձերը։
Ադոնց. «Անհրաժեշտ է վերականգնել Հայաստանի տեղը՝ տարածքաշրջանային ճարտարապետութեան մէջ»:
Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները, որոնք տարածքաշրջանային այցելութեան մը ձեռնարկած էին դէպի Հարաւային Կովկաս, շաբաթավերջին Թիֆլիզի շփումներով եզրափակեցին իրենց ուղեւորութիւնները։ Տեղւոյն ԵՄ-ի առաքելութենէն ներս շրջագայութեան աւարտին առթիւ սարքուեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին եւրոպացի նախարարները կարեւորեցին Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին հետեւանքով գերեվարուածներու ազատ արձակումը եւ ականապատման քարտէսներու յանձնումը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որու գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը յառաջատար դիրքի վրայ դուրս եկաւ վերջին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութենէն։
ԵՄ-ի կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը շփումներ ունեցաւ Երեւանի եւ Պաքուի մէջ:
Պաքու պիտի փորձէ հաւանական բոլոր լծակները օգտագործել՝ օգտուելով Երեւանի թուլացած դիրքերէն:
Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած «Հայ ազգային քոնկրէս» կուսակցութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ երկրի վերջին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան մասին։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ վերջին արտահերթ ընտրութիւնները հեռու էին ազատ եւ արդար ըլլալէ, նաեւ որակապէս լուրջ նահանջ էին 2018 թուականի ընտրութիւններուն բաղդատմամբ։