ՀԱԿԱԴԱՐՁՄԱՆ ՔԱՅԼ
Հայաստան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ բերաւ Ատրպէյճանի սադրանքները:
Երեւան պաշտօնապէս ողջունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը:
Հայաստան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ բերաւ Ատրպէյճանի սադրանքները:
Երեւան պաշտօնապէս ողջունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը:
«Երգող Արցախ» մանկապատանեկան ծրագիրը կ՚իրականացուի Ստեփանակերտի մէջ։ Այսպէս, 26 յուլիս-31 օգոստոս թուականներու միջեւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Երգող Արցախ» խորագիրով համաարցախեան մանկապատանեկան երգչախմբային ծրագիրը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Յետպատերազմեան առկայ չափազանց տկարացած վիճակին մէջ Նիկոլ Փաշինեան արդեօք կը ջանա՞յ խնդիրները հունէ դուրս բերելով «աչք թարթել» Արեւմուտքին:
Թէ՛ Պաքուի եւ թէ Երեւանի այժմու քայլերը, սահմանի լարուածութիւններով հանդերձ, այդքան ալ ընդունելի չեն Մոսկուայի համար, մինչ Հայաստանէն կոչեր կը հասցէագրուին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին:
Պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի կողմէ հիմնադրուած «Աւանդական» պարախումբի անդամները երէկ երեկոյեան Գնալը կղզիի մէջ մտերմիկ հաւաքոյթով մը զիրար վերագտան՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու երկար ժամանակահատուածէն վերջ։
Ատրպէյճան երէկ գիշեր փորձեց անօդաչու թռչող սարքերով ներթափանցել Հայաստանի սահմաններէն:
Արմէն Գրիգորեան եւ Ֆիլիփ Ռիքեր խօսեցան Երեւան-Ուաշինկթըն ռազմավարական գործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է գրող Արմէն Շէկոյեան։ Երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէ վերջ ան 68 տարեկան հասակին հիւանդանոցի մէջ հեռացած է կեանքէն։
Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ, Ատրպէյճանի Ազգային ժողովի նախագահ Սապիհա Կաֆարովա եւ Փաքիստանի Ազգային ժողովի նախագահ Էսատ Քայսէր, որոնք վերջին օրերուն եռակողմանի ձեւաչափով մէկտեղուած էին Պաքուի մէջ, երէկ այցելեցին Շուշի։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումներուն հետեւանքով սահմանի վրայ դիրքի փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած: Կողմերը հաւանութիւն տուին ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութեան միջնորդական առաջարկին՝ հրադադարի վերադառնալու ուղղութեամբ:
Նախագահ Վլատիմիր Փութին Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն հետ խորհրդակցեցաւ դէպքերուն շուրջ: Մոսկուա միշտ կը մատնանշէ իր պատրաստակամութիւնը՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ սահմանազատման բանակցութիւններու, նաեւ վստահութեան մթնոլորտի կառուցման նպաստելու համար: ՄԱԿ մտահոգութիւն յայտնեց:
Կը տեղեկանանք, որ վերապատուելի տքթ. Ռընէ Լեւոնեան նշանակուած է Լիոնի Կաթոլիկ համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռընէ Լեւոնեան Ֆրանսայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն մին է։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը հասած է գագաթնակէտին եւ դժբախտաբար հետզհետէ կ՚արդարանան ամենավատ ակնկալութիւնները։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկ գիշեր եւ այս առաւօտեան ժամերուն մարտական գործողութիւններ ծաւալուած են Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։