ՏԵՒԱԿԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ
Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները երէկ Գեղարքունիքի մէջ կրակահերթ մը հրահրեցին Հայաստանի հետ սահմանին վրայ:
Արման Թաթոյեանի գրասենեակը հերթական անգամ ահազանգ հնչեցուց. բնակիչներու կեանքի իրաւունքը կը խախտուի - Մոսկուա տեղեկացուց, որ հրադադարը կը պահպանուի:
Հայկական սփիւռքէն ներս կը շարունակուին ընդհանուր արժեւորումները՝ Հայաստանի արտահերթ ընտրութեան արդիւնքի լոյսին տակ։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան վերջերս այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ գիշեր իր մահկանացուն կնքած է աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիվան Գասպարեան։ Սա հայ ժողովուրդին տեսակէտէ մեծ ցնցում մըն է, անփոխարինելի կորուստ մը, որովհետեւ Ճիվան Գասպարեան վերջին տասնամեակներուն անոր ծոցէն ծնունդ առած գլխաւոր մեծութիւններէն մին հանդիսացած էր։ Տուտուկահար ու երգահան, ժողովրդական արուեստագէտ Ճիվան Գասպարեան յառաջացած տարիքի մէջ կնքեց իր մահկանացուն։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ կարեւոր ընտրութիւն մը։ Այսպէս, Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ծուխէն ներս գումարուեցաւ տարեկան ընդհանուր ժողով՝ գլխաւորութեամբ Առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Ծ. Վրդ. Ալճանեանի։
Սթանիսլաւ Զասսի յայտարարութիւնները եւ Արմէն Գրիգորեանի հեռաձայնի վրայ հակազդեցութիւնը:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն շաբաթավերջին ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, ի թիւս այլ հարցերու, երկու նախագահները շօշափեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման զանազան երեսակները։
«Թէ՛ երաժշտական եւ թէ մարդասիրական բնագաւառներէ ներս հրաշալի համագործակցութիւն»:
«Արմէնփրէս»ի տնօրէն Արամ Անանեան տեղեկացուց, որ գործակալութիւնը շուտով պիտի ունենայ թրքերէն բաժին մը։ «Լրատուական դաշտէն ներս նաեւ թրքերէն պիտի խօսինք», ըսաւ Արամ Անանեան՝ յիշեցնելով, որ թրքերէնը պիտի դառնայ վեցերորդ լեզուն, որով թողարկումներ կ՚ընէ գործակալութիւնը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Շաբաթավերջին Ատրպէյճան Հայաստանին վերադարձուց եւս 15 ռազմագերի։ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ ռազմագերիներու վերադարձի յապաղման հարցը կը շարունակէ նուրբ նշանակութիւն ունենալ։