ՆՈՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ
Յոյն, հայ եւ հրեայ համայնքներէն վերջ փոքրամասնութիւններու դէմքը դարձաւ ասորի գործիչ մը:
Վաքըֆներու խորհուրդէն ներս Մորիս Լեւի տարիքի բերումով պաշտօնը փոխանցեց Սիւլէյման Ճան Ուսթապաշըին:
Յոյն, հայ եւ հրեայ համայնքներէն վերջ փոքրամասնութիւններու դէմքը դարձաւ ասորի գործիչ մը:
Վաքըֆներու խորհուրդէն ներս Մորիս Լեւի տարիքի բերումով պաշտօնը փոխանցեց Սիւլէյման Ճան Ուսթապաշըին:
Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Անաթոլ Ֆրանս» ֆրանսական կրթահամալիրի նոր շէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Սա Հայաստանի միակ ֆրանսական կրթահամալիրն է, որ 2007 թուականէն ի վեր կը գործէ եւ ունի 260 աշակերտ։
Հայկական երաժշտական աշխարհի երախտաշատ երգահանը կ՚ոգեկոչուի բազմաբովանդակ ծրագրով մը:
Ալեքսանդր Սպենդիարեանի թողած հսկայ ժառանգութիւնը կը վերարժեւորուի՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ալ հովանաւորութեամբ:
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը կը շարունակէ «Վերականգնուած ցուցանմոյշներու պատմութիւն» ծրագիրը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զուգահեռաբար կազմակերպուած ցուցադրութիւնը ձօնուած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանին։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հիմա արդէն, կը կարծեմ, ոեւէ մէկը այլեւս չի կասկածիր, թէ այս ընտրութիւններուն առաւել ձայներ հաւաքելիք Փաշինեանն ու Քոչարեանը, տոկոսային առումով մօտիկ ցուցանիշներ ունենալով, յունիսի 21-ին կը յայտարարեն, որ իրենք «յաղթած են» եւ փողոցային ցոյցերու միջոցաւ կը փորձեն հաստատել իրենց այդ պնդումները։ Գուցէ կողմերէն մէկը յաջողի քոալիսիոն մը կազմել, բացառուած չէ նաեւ, որ սա տեղի չունենայ եւ անոնցմէ մէկը աւելի շատ ձայն ստանայ երկրորդ փուլին։
Գերիներու ծանրակշիռ հարցը նոր չէ։ Հայաստանի լայն հասարակութեան համար սա առանցքային խնդիր է պատերազմէն ի վեր։ Հարցը ունի մարդկային ցաւի երեսակ։ Մինչեւ հիմա ալ աւելի քան հարիւրյիսուն ընտանիքներ եւ անոնց շրջանակները ուղղակի մտահոգութեան եւ մտատանջութեան մէջ են։ Անկախ մարդկային երեսակէն՝ մեծ դժբախտութիւն է, որ մինչեւ հիմա անյստակ եւ անորոշ մնացած գերիներու հարցը ինչ-որ առումով ունի քաղաքական ենթախորք։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուած իրավիճակը կը շարունակուի։ Մայիսի 12-էն ի վեր Հայաստանի սահմանները զանազան կէտերէ խախտուած են Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ։
Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքոյի եւ Մոսկուայի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Փիէռ Լեւիի միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որու ընթացքին քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ առկայ իրավիճակը։ Ռուսական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին կարծիքի մանրակրկիտ փոխանակումներ տեղի ունեցան հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն միշտ կը հասնին լարուածութեան վերաբերեալ լուրեր։ Երէկ, Պաքուի աղբիւրները պնդեցին, որ հայկական ստորաբաժանումները գնդակոծած են Ատրպէյճանի դիրքերը։
Մեւլիւտ Չավուշօղլու. «ԱՄՆ կը փափաքի Թուրքիոյ հետ համագործակցիլ նաեւ Կովկասի պարագային»:
Մինչ Էրտողան-Պայտըն հանդիպման օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, Ֆիլիփ Ռիքէր երէկ աւարտեց շրջագայութիւնը:
Ռուս վերլուծաբաններ ներկայիս կը մատնանշեն, որ Անգարա կը ձգտի տարածքաշրջանէն դուրս մղել Մոսկուան: