ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՏՆՕՐԷՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առընթեր գործող «Գրիգոր եւ Քլարա Զօհրապ» տեղեկատուութան կեդրոնի տնօրէն նշանակուեցաւ Ճեսի Էրլըն։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան այս առթիւ յայտնեց, որ նորանշանակ տնօրէնը հեղինակաւոր ակադեմական մըն է հայկական Աստուածաբանութեան եւ քրիստոնէութեան վաղ շրջանի վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններու շուրջ։
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի «Վերականգնուած ցուցանմոյշներու պատմութիւն» ծրագրի շրջանակներէն ներս երէկ բացուեցաւ հերթական ցուցահանդէսը։ Պատկերասրահի հիմնադրութեան 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկ մըն է այս մէկը։
Երեւանի «Արարատ» քոնիաքի գործարանին կողմէ արտադրուած «Նայիրի»ն ոսկէ մետայլի արժանացաւ Թոքիոյի ուիսքիի եւ ոգելից ըմպելիներու մրցոյթի շրջանակին մէջ։ Ճաբոնի մայրաքաղաքէն ներս այս տարուայ մրցակցութեան աշխարհի զանազան երկիրներէն 427 ոգելից ըմպելի մասնակցեցաւ։
Ֆրանսական հեղինակաւոր «Hermès» նորաձեւութեան տունը «Instagram»ի ընկերային ցանցի իր կայքէջին վրայ ներկայացուցած է արդէն դասական դարձած «Birkin» պայուսակներու լիովին ուտելու տարբերակները, որոնք պատրաստուած են իսկական բանջարեղէնէ: Այս մասին կը գրէ «Luxury Launches»ը ու կը նշէ, որ պայուսակներու ստեղծման վրայ աշխատած է նկարիչ եւ ձեւագծող Պէն Տենցէր:
Պրիւքսելի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ Սա միջազգային օրակարգի գլխաւոր իրադարձութիւնն էր, որու վրայ կեդրոնացաւ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը։ Գագաթաժողովին մասնակցելու առընթեր, նախագահ Էրտողան Պրիւքսելի մէջ շարք մը կարեւոր երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ։
Յոյն, հայ եւ հրեայ համայնքներէն վերջ փոքրամասնութիւններու դէմքը դարձաւ ասորի գործիչ մը:
Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Անաթոլ Ֆրանս» ֆրանսական կրթահամալիրի նոր շէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Սա Հայաստանի միակ ֆրանսական կրթահամալիրն է, որ 2007 թուականէն ի վեր կը գործէ եւ ունի 260 աշակերտ։
Հայկական երաժշտական աշխարհի երախտաշատ երգահանը կ՚ոգեկոչուի բազմաբովանդակ ծրագրով մը:
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը կը շարունակէ «Վերականգնուած ցուցանմոյշներու պատմութիւն» ծրագիրը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զուգահեռաբար կազմակերպուած ցուցադրութիւնը ձօնուած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանին։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ